2012-08-06 11:25:58

Վատիկանի Պատգամը Րամատանի Աւարտին` Ուղղուած Քրիստոնեայ եւ Մահմետական Երիտասարդներուն ` Եղէ`ք Արդարութեան ու Խաղաղութեան Ռահվիրանները ։


Մահմետական ծոմապահութեան աւարտին Վատիկանը պատգամ մը ուղղած է մահմետական եւ քրիստոնեայ երիտասարդներուն խրախուսելով զանոնք ըլլալու ռավհիվրանները ճշմարիտ արդարութեան ու խաղաղութեան։
Այս պատգամով կը հրաւիրենք նոր սերունդը զարգացնելու ճշմարտութեան ու ազատութեան իղձը, որպէսզի դառնայ ճշմարիտ ռավհիրանը արդարութեան ու խաղաղութեան եւ ըլլայ կերտիչը մարդու իրաւունքին ու արժանաւորութեան, կը գրէ միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը իր յղած պատգամին մէջ։
Պատգամը կը քաջալերէ իսլամ թէ քրիստոնեայ երկու կրօններու նոր սերունդը ունենալու հարկաւոր համբերութիւնը ու յարատեւութիւնը իրականացնելու այս գաղափարականները մատնանշելով որ միմիայն անկեղծ ու համոզուած այրերն ու կիները կարող պիտի ըլլան կերտելու ընկերութիւն մը, ուր արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը իրականութիւն դառնան։
Յայտնենք որ Վատիկանի պատգամը Րամատանին առթիւ կը կրէ 3 օգոստոս թուականը եւ ստորագրուած է կարտինալ Ժան Լուի Թոռանի կողմէ` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին։ 1967էն ասդին Ս. Աթոռը ամէն տարի պատգամ մը կ'ուղղէ իսլամ հասարակութեան Րամատանի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.